Arshavir Shiragian Gomideh

Northern San Fernando Valley Armenian Community Center

17422 Chatsworth St., Granada Hills, CA 91344

 

 

About Us


Our Center


Announcements


Events Calendar


Photo Gallery


Armenian History


Organizations


Recommended Links


Contact


News Archives


 
 Մտքեր
 

 

Արշաւիր Շիրակեան

 

ծնած էր 1900ին, Պոլիս։ Մանկութիւնը անցուց 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հետեւած Պոլսահայ ազատ ու ծաղկուն մթնոլորտին մէջ։ Պատանի տարիքէն ապրեցաւ ու կազմաւորուեցաւ դաշնակցական մտաւորականներու մտերմութեան մէջ։

 

Այդ պատճառով ալ 1915ին, երբ ցեղասպան թրքական պետութիւնը իր առաջին հարուածը ուղղեց Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան, Շիրակեան կոչուեցաւ պատանի սուրհանդակի առաքելութեան, որպէսզի հայ մատնիչներու դաւաճանական ցուցմունքներուն դէմ զգուշացնէ ընդյատակ կեանքի անցած հայ մտաւորականները։


Մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտն ու զինադադարը, Արշաւիր Շիրակեան ամբողջական փարումով գործեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պոլսոյ կազմակերպութեան շարքերուն մէջ։ Մօտէն հետեւեցաւ Պոլսոյ Օսմանեան Զինուորական Ատեանին կողմէ Իթթիհատի պարագլուխներու (ի բացակայութեան) դատավարութեան։ Վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշայի, ներքին գործոց նախարար Թալէաթի եւ իթթիհատական պարագլուխներ Պեհաէտտին Շաքիրի, Ճեմալ Ազմիի, Նազըմի եւ միւսներուն դէմ Ատեանի արձակած մահապատիժի դատավճիռները, դատապարտուելով մեռեալ տառ մնալու ճակատագրին, նոր ընդվզումի եւ ցասումի կրակը բորբոքեցին արդէն երիտասարդ գործիչին մէջ։ Եւ երբ 1919ին Երեւանի մէջ գումարուած իր 9րդ Ընդհանուր Ժողովին Դաշնակցութիւնը որոշեց, «Նեմեսիս» գործողութեան ձեռնարկելով, ի՛նք իրագործել թուրք ջարդարարներու մահապատիժը, Արշակիր Շիրակեան առաջիններէն եղաւ, որ ներկայացաւ «Նեմեսիս»ի Պատասխանատու Մարմնին՝ իր սրբազան պարտականութիւնը կատարելու պատրաստակամութիւն յայտնելով։
Շիրակեան կը լրացնէր անհրաժեշտ բոլոր պայմանները, որպէսզի նկատի առնուէր «Նեմեսիս»ի արդարահատոյց ահաբեկիչներու փաղանգին մէջ։ Գաղափարական եւ ազգայինքաղաքական պատրաստութիւնը ամբողջապէս ունէր։ Կազմակերպական ուշագրաւ փորձ ունէր Պոլսոյ մէջ ընդյատակեայ գործունէութեան։ Մարտական գործիչի խիզախութեամբ եւ քաջասիրտ նկարագրով կը յատկանշուէր։
Չուշացաւ Շիրակեանի առաջին գործողութեան յանձնարարականը։ Քսանամեայ հայորդիին վստահուեցաւ թուրք ջարդարարներու գլխաւոր գործակիցներէն Վահէ Իհսանի (Եսայեան) ահաբեկումը։ Իհսան ի՛նք կազմած էր ցուցակը Պոլսոյ այն հայ մտաւորականներուն, որոնք 24 Ապրիլ 1915ին զանգուածային ձերբակալութեան ենթարկուեցան։ 27 Մարտ 1920ին, Պոլսոյ մէջ, Շիրակեան իրագործեց Իհսանի դէմ արձակուած Դաշնակցութեան մահապատիժի
որոշումը։


Շիրակեան հեռացաւ Պոլիսէն եւ անցաւ Երեւան, ուր Արամ Երկանեանի հետ նոր առաքելութեան մը կոչուեցան։ Թիֆլիսի մէջ իրենց պարտականութիւնը կատարելու նախապատրաստական աշխատանքի ժամանակ, երկուքն ալ կը ձերբակալուին, բայց անհրաժեշտ ապացոյցերու չգոյութեան հետեւանքով ազատ կ՛արձակուին։ Արշաւիր կը վերադառնայ Պոլիս, ուրկէ 1921ի ամառը նոր յանձնարարականով կ՛ուղարկուի Հռոմ։
Արշաւիր Շիրակեանի վստահուած էր իթթիհատական կառավարութեան վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկումը։ Սայիտ Հալիմ իթթիհատական պարագըլուխներու ամէնէն տարեց անդամն էր, նաեւ՝ ամէնէն մեծահարուստը, որ ի վիճակի էր լաւագոյնս թաքցնելու իր հետքերը։ Բայց «Նեմեսիս»ի յանդուգն հետախոյզները ի վիճակի եղան գտնելու Սայիտ Հալիմ փաշայի թագստոցը եւ Արշաւիր Շիրակեան, 5 Դեկտեմբեր 1921ին, Հռոմի փողոցներուն վրայ գետին փռեց ցեղասպան թրքական կառավարութեան ատենի
վարչապետը։


Գործողութիւնը դարձեալ «մաքուր» էր եւ հայ ահաբեկիչը առանց հետք ձգելու հեռացաւ արդարահատուցման բեմէն։ Բայց Շիրակեանի հայ ահաբեկչի առաքելութիւնը վերջ չգտաւ Սայիտ Հալիմ փաշայի մահապատիժով։ Հետեւեցաւ նոյնքան յանդուգն գործողութիւնը Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի ահաբեկման, որ վստահուած էր Արշաւիր Շիրակեան եւ Արամ Երկանեան երկեակին։
Տխրահռչակ տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիր եղած էր հիմնադիրն ու ղեկավարը իթթիհատական այն յատուկ զօրաբաժնին, որ «յառաջապահ»ի դեր խաղաց Հայկական ցեղասպանութեան գործադրութեան ժամանակ։ Իսկ Ճեմալ Ազմին ծանօթ էր իբրեւ «Տրապիզոնի հրէշը», որ աւելի քան 15 հազար անզէն հայեր ծովամոյն ըրաւ։
17 Ապրիլ 1922ին, Պերլինի փողոցներուն մէջ, Արշաւիր Շիրակեան եւ Արամ Երկանեան միացեալ գրոհով մը գետին փռեցին թուրք ջարդարար զոյգ հրէշները։ Նախայարձակը Շիրակեանն էր, որ առաջին գնդակով զգետնեց Ճեմալ Ազմիին, բայց միայն վիրաւորել կրցաւ Շաքիրի։ Բայց Երկանեան օգնութեան հասաւ եւ ուղիղ ճակտէն մէկ փամփուշտով վերջ տուաւ Պեհաէտտին Շաքիրի յանցագործ կեանքին։
Պերլինի այդ գործողութեամբ վերջ գտաւ Շիրակեանի արդարահատոյց գործունէութիւնը։
Հայ հերոսը վերջնականապէս հաստատուեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Հ.Յ.Դ. Մ. Նահանգներու կազմակերպութեան կեանքին ու աշխատանքներուն։
Երկար տասնամեակներու լռութենէն ետք, 1965ին, Շիրակեան լոյս ընծայեց իր յուշերը՝ «Կտակն էր Նահատակներուն» խօսուն անունը տալով իր յուշագրութեան։
12 Ապրիլ 1973ի փակուեցան աչքերը հայ ժողովուրդի արդարահատոյց բազուկին, որուն անունով այսօր կը կոչուին ե՛ւ դաշնակցական կոմիտէութիւններ, ե՛ւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութիւն մը
։


Խօսքեր

 

«Մեր կազմակերպութիւնը չ'ունէր մարդասպանական որեւէ ծրագիր։ Անիկա պարզապէս արդար պատիժի ենթարկեց ա՛յն յանցագործները, որոնք ի բացակայութեան դատուած եւ մահուան դատապարտուած էին։ Իսկ հայ դաւաճանները կը գլխաւորէին մեր ցուցակը»։ Արշաւիր Շիրակեան

 * * * * *

«Անմիջապէս քալեցի միւս մայթը, որպէսզի լաւագոյն դիրքով մը ահաբեկումը կատարեմ, բայց քանի մը ակնթարթ ուշացած ըլլալուս՝ քիչ մնաց ձիերու տակ մնայի. ձեռքս վերցուցի, բռունցքս ցցած. ձիերը խրտչեցան եւ ծառացան: Այդ իրարանցումին մէջ արագ ոստումով մը անցայ եւ ցատկեցի կառքին վրայ՝ կոխելով ոտնատեղին: Մէկ ձեռքով բռնեցի կառքին յենարանը, քիչ մը երեւացի, բայց հաւասարակշռութիւնս կրցայ պահել: Մինչ թիկնապահը կառապանին կը նայէր ու բաներ մը կըսէր, երեւի հասկնալու համար ձիերուն խրտչիլը, Սաիդ Հալիմ փաշային աչքերը հանդիպեցան աչքերուս: «Երէն»,- ըսաւ թիկնապահին: Այս եղաւ սադրազամին վերջին բառը: Աչքերը սարսափով լեցուն էին, երբ ատրճանակիս փողը ուղղեցի աջ քունքին եւ կրակեցի: Երկրորդ փամփուշտի մը հարկ չ'մնաց: Խռպոտ ձայն մը եւ փաշան նստած տեղէն տապալեցաւ կառքին մէջ, գլուխը իմ կողմս, գրեթէ ոտքերուս տակ:

* * * * *

Կառքը դեռ կ'արշաւէր: Թեւֆիք Ազմին, առաջին շփոթէն սթափած, ատրճանակ մը հանեց ու կը պատրաստուէր կրակել, երբ ատրճանակիս փողը անոր ալ ճակտին ուղղելով, գոռացի թուրքերէնով.

* * * * *

- Աթ աշաղը, գեբերթիրիրըմ.- Նետէ՛ զէնքդ, կը սատկեցնեմ…

* * * * *

Հնազանդեցաւ եւ ատրճանակը կառքէն դուրս նետեց, ահաբեկ դէմքով: Ատրճանակիս կոթովը այս անգամ սկսայ հարուածել կառապանին կռնակին՝ պոռալով իտալերէն. «Ասբետա, ասբետա». «Կեցի՛ր, կեցի՛ր»: Խեղճ կառապանը վախէն կը դողար եւ յուսահատական ճիչերով զիս վկայութեան կը կանչէր՝ ըսել ուզելով.- Տե՛ս, կեցնել կ'ուզեմ, բայց ձիերը չեն կենար:

* * * * *

Կառապանը կեցնել ձիերը, որոնք վազքը շարունակեցին մինչեւ փաշային տան առջեւ եւ ինքնաբերաբար կանգ առին: Դռան առջեւ խափշիկ ծառան մեքենաբար ձեռքը ճակտին տարաւ՝ «թեմեննահ» ընելու ձեւով, բայց փաշային ինկած գլուխը տեսնելով՝ այդ դիրքին մէջ քարացած մնաց, ապշահար: Առանց կարեւորութիւն տալու ծառային՝ վար ցատկեցի կառքէն եւ ատրճանակս ցցած թեւովս լայն շարժում մը գծեցի շուրջս՝ թէ՛ սարսափ ձգելու, եւ թէ՛ փախուստիս ուղղութիւնը որոշելու համար»։ Հատուած մը Արշաւիր Շիրակեանի «ԿՏԱԿՆ ԷՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ» Գիրքէն

 * * * * *

Սաիդ Հալիմի վերջին օրը

 

1921, դեկտեմբերի 5: Առաւօտ շատ կանուխ դուրս ելայ սենեակէս: Նախորդ գիշերը մաքրած էի ատրճանակս եւ փամփուշտներն ալ համրած:

Թարմ-թարմ ածիլւած էի եւ լոգանք մը առած, ու ամբողջ կէս սրւակ օ դը քոլոնիայով մարմինս շփած էի: Ճերմակեղէններէս մինչեւ հագուստներս եւ գլխարկս, արտիստի սեւ գլխարկս, նոփզնոր. ուսանողի կամ արւեստագէտի սեւ փողկապ մը դրած էի. կարծես հարսնիքի երթայի: Վերարկուս վրաս գացի փաշային դղեակին մօտերը, առանց Մ.-ին հանդիպելու: Վճռած էի այդ օրն իսկ գործը վերջացնել՝ առանց այլեւս մտածելու հետեւանքներու մասին:

Ժամը ճիշտ 1-ին ինքնաշարժ մը կեցաւ փաշային դռան առջեւ. դուրս ելաւ Թեւֆիք Ազմին եւ պայուսակ մը թեւին տակ ներս մտաւ. քիչ վերջ փաշային հետ դուրս ելան եւ աճապարանքով մեկնեցան, շատ կարեւոր գործի մը գացող մարդոց երեւոյթով: Չմտահոգւեցայ. այնքան լաւ ուսումնասիրած էի երթեւեկները, որ վստահ էի, որ, ուր ալ ըլլար, չէր կրնար հրաժարիլ իր յետմիջօրէի պտոյտէն եւ անպայման պիտի վերադառնար: Տրամաբանօրէն, առնւազն երկու ժամ պիտի ուշանար: Փութացի Վիլլա Բորգեզէ, ուր յաճախ կառքով, երբեմն ալ քալելով կու գար ան: Նոյնիսկ, օր մը, հետապնդումիս ընթացքին տեսայ, որ թիկնապահին գնել տւաւ ափ մը խորոված շագանակ, փողոցի վրայ նստող շագանակավաճառէ մը: Ժամը 12-ին ատենները Մ. եկաւ ու հարցուց, թէ ինչու ճաշի չէի գացած մեր ուսանողներուն ճաշարանը, ուր կէսօր եւ իրիկուն սովոր էինք հանդիպիլ:

- Որովհետեւ,- պատասխանեցի,- վճռած եմ այսօր այս գործը գլուխ հանել, ամէն պարագայի տակ եւ ամէն գնով: Ջղայնացած էի փաշային ուշանալուն եւ քիչ մը եւս սպասեցի եւ Գրիգորին ըսի.- Ես տան կողմերը կերթամ: «Այո՛»,- ըսաւ. ու դուրս ելանք եւ քանի մը քայլ առի՝ դառնալու համար հանրակառքին փողոցը:

Հասայ Վիա Նոմենտանա, ուր հանրակառքը կեցաւ. իջայ եւ քալելով մտայ Օստակիօ փողոցը: Յանկարծ դէմս ցցւեցաւ Հելենան: Ոստիկանի մը հանդիպումը այնքան չպիտի նեղէր զիս, որքան այդ սիրուն աղջկան ներկայութիւնը այդ պահուն: Ջղային վիճակի մէջ պաղ վերաբերում մը ցոյց տւի: Մտերիմներ դարձած էինք եւ աղջիկը կը զարմանար իմ անակնկալ պաղ վերաբերումէս: Տարօրինակ նայւածքով կը դիտէր, կարծես առաջին անգամ զիս տեսած ըլլար:

Անպիտան աղջիկը կատարեալ հարցաքննութեան մը սկսած էր եւ բաժանւելու միտք չունէր: Ժամը 4-ին կը մօտենար: Փողոցին վարի կողմը նոր շէնքի մը շինութեան աշխատող բանւորները աշխատանքէ կարձակւէին եւ, սովորաբար, այդ ամայի եղող փողոցին մէջ բազմութիւն կար: Վայրկեանէ վայրկեան փաշան կրնար հասնիլ: Փողոցին խանգարիչ երթեւեկը չբաւէր կարծես, դեռ կար այս յամառ աղջիկը, որ անվերջ կը խօսէր ու կը ցրւէր ուշադրութիւնս:

Եւ յանկարծ վերէն լսւեցաւ կառքի մը դղրդիւնը: Մէկէն մարմնէս անծանօթ սարսուռ մը անցաւ, երբ տեսայ հսկայ ձիերը, որոնց բաշերը հովէն կալեծփէին: Կառքին մէջն էր Սաիդ Հալիմ փաշան՝ իր թիկնապահին հետ: Փողոցին միւս ծայրը նայեցայ. Մ. դեռ հասած չէր: Վայրկեանապէս «ցտեսութիւն» ըսի Հելենային՝ պատւիրելով, որ շուտ ներս մտնէ, քանի որ «հայրս» կու գար...

Անմիջապէս քալեցի միւս մայթը, որպէսզի լաւագոյն դիրքով մը ահաբեկումը կատարեմ, բայց քանի մը ակնթարթ ուշացած ըլլալուս՝ քիչ մնաց ձիերու տակ մնայի. ձեռքս վերցուցի, բռունցքս ցցած. ձիերը խրտչեցան եւ ծառացան: Այդ իրարանցումին մէջ արագ ոստումով մը անցայ եւ ցատկեցի կառքին վրայ՝ կոխելով ոտնատեղին: Մէկ ձեռքով բռնեցի կառքին յենարանը, քիչ մը երեւացի, բայց հաւասարակշռութիւնս կրցայ պահել: Մինչ թիկնապահը կառապանին կը նայէր ու բաներ մը կըսէր, երեւի հասկնալու համար ձիերուն խրտչիլը, Սաիդ Հալիմ փաշային աչքերը հանդիպեցան աչքերուս: «Երէն»,- ըսաւ թիկնապահին: Այս եղաւ սադրազամին վերջին բառը: Աչքերը սարսափով լեցուն էին, երբ ատրճանակիս փողը ուղղեցի աջ քունքին եւ կրակեցի: Երկրորդ փամփուշտի մը հարկ չմնաց: Խռպոտ ձայն մը եւ փաշան նստած տեղէն տապալեցաւ կառքին մէջ, գլուխը իմ կողմս, գրեթէ ոտքերուս տակ: Կառքը դեռ կարշաւէր: Թեւֆիք Ազմին, առաջին շփոթէն սթափած, ատրճանակ մը հանեց ու կը պատրաստւէր կրակել, երբ ատրճանակիս փողը անոր ալ ճակտին ուղղելով, գոռացի թուրքերէնով.

- Աթ աշաղը, գեբերթիրիրըմ.- Նետէ՛ զէնքդ, կը սատկեցնեմ...

Հնազանդեցաւ եւ ատրճանակը կառքէն դուրս նետեց, ահաբեկ դէմքով: Ատրճանակիս կոթովը այս անգամ սկսայ հարւածել կառապանին կռնակին՝ բոռալով իտալերէն. «Ասբետա, ասբետա». «Կեցի՛ր, կեցի՛ր»: Խեղճ կառապանը վախէն կը դողար եւ յուսահատական ճիչերով զիս վկայութեան կը կանչէր՝ ըսել ուզելով.- Տե՛ս, կեցնել կուզեմ, բայց ձիերը չեն կենար:

Կառապանը չյաջողեցաւ կեցնել ձիերը, որոնք վազքը շարունակեցին մինչեւ փաշային տան առջեւ եւ ինքնաբերաբար կանգ առին: Դռան առջեւ խափշիկ ծառան մեքենաբար ձեռքը ճակտին տարաւ՝ «թեմեննահ» ընելու ձեւով, բայց փաշային ինկած գլուխը տեսնելով՝ այդ դիրքին մէջ քարացած մնաց, ապշահար: Առանց կարեւորութիւն տալու ծառային՝ վար ցատկեցի կառքէն եւ ատրճանակս ցցած թեւովս լայն շարժում մը գծեցի շուրջս՝ թէ՛ սարսափ ձգելու, եւ թէ՛ փախուստիս ուղղութիւնը որոշելու համար...

 

ՄԻ ՀԱՏՒԱԾ ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԻՐԱԿԵԱՆԻ

«ԿՏԱԿՆ ԷՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ» ԳՐՔԻՑ 

 

 

Copyright © 2012 Arshavir Shiragian Gomideh  All rights reserved.