|
Քրիստափոր
Միքայէլեան
«Մարդակերտ»
«էլլեն»
«Սամուէլ
Ֆայն»
18
Հոկտեմբեր
1859 - 1905
Հոկտեմբեր
18ի
այս
օրուան
կը
զուգադիպի
ծննդեան
տարեդարձը
հայ
ժողովուրդի
անկրկնելի
հսկաներէն
Քրիստափոր
Միքայէլեանի։
Քրիստափորի
մասին
շատ
գրուած
է։
Մենագրութիւններ
նուիրուած
են
անոր
փոթորկայոյզ
կեանքին,
դաշնակցական
մտածողութեան
եւ
յեղափոխական
գործին։
Հայ
մտքի
եւ
մշակոյթի
մեծերը
իրենց
յուշերով
եւ
արժեւորումներով
անմահացուցած
են
Աւանդը
Քրիստափորի։
Իսկ
Դաշնակցութեան
ճամբով
հայ
ժողովուրդին
եւ
Հայաստանի
ազատագրութեան
դատին
զոհաբերուած
սերունդները,
նաեւ
անոնց
մերօրեայ
շառաւիղները
իրենց
նուիրումին,
կոչումին
եւ
մարտունակութեան
վարար
աղբիւրը
գտած
են
եւ
կը
շարունակեն
գտնել
Քրիստափորի
մէջ։
Հայկական
Յեղափոխութեան
վեհաշուք
բարձունքը
նուաճեց
Քրիստափոր
եւ
անմահացաւ
իբրեւ
հայու
յեղափոխական
յանդգնութեան
ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ
դարբինը։
Կամքեր
կռանելու
եւ
հզօրացնելու
բնատուր
տաղանդով
էր
օժտուած
ու
կրցաւ
հայոց
ցիրուցան
եւ
եսակեդրոն
կամքերէն
հաւաքական
ու
կազմակերպ
ուժ
ստեղծել՝
բոլորը
միաձուլելով
անսակարկ
զոհաբերութեան
եւ
երկաթեայ
կարգապահութեան
ոգիով։
Հայ
ժողովուրդի
կեցութեան
ընդհանուր
բարեշրջման
եւ
Հայաստանի
ազատագրութեան
մեծ
դատին
աննկուն
դրօշակիրը
եղաւ,
որ
իր
անձին
օրինակով,
անյողդողդ
կամքով
եւ
արութեան
գործերով
գաղափարական
ու
քաղաքական
անվեհեր
եւ
երկարաշունչ
պայքար
շղթայազերծեց՝
հայ
ժողովուրդի
մեծ
յաղթանակին
առաջնորդող
յարատեւ
կռուի
ուղին
հարթելով
հայութեան
նորահաս
սերունդներուն
առջեւ։
Պատմական
Հայաստանի
Գողթն
գաւառի
Վերին
Ագուլիս
մեծ
գիւղի
ծնունդ
էր
Հայկական
Յեղափոխութեան
առաքեալը։
Մանուկ
տարիքէն
կեանքի
պայքարը
սկսաւ
Քրիստափորի
համար.
4
տարեկան
էր,
երբ
մայրը
կորսնցուց,
իսկ
10
տարեկանին՝
հայրը։
Նիւթական
անձուկ
պայմաններու
մէջ
նախնական
կրթութիւնը
ստացաւ
ծննդավայրի
դպրոցին
մէջ
եւ
փայլուն
արդիւնքով
աւարտեց
զայն։
Հոգաբարձութիւնը,
տեսնելով
եւ
գնահատելով
որբ
աշակերտին
ուսումնատենչութիւնը,
յանձն
առաւ
հոգալ
Քրիստափորի
հետագայ
ուսման
ծախսերը՝
պայմանաւ,
որ
ան
յանձն
առնէ
վերադառնալ
գիւղ
եւ
ստանձնել
ծննդավայրի
դպրոցին
մէջ
ուսուցչական
պաշտօն։
Այդպէ՛ս,
1874ին,
Քրիստափոր
անցաւ
Թիֆլիս,
ուր
երկու
տարուան
նախապատրաստական
պարապմունքէ
ետք՝
ընդուն-ւեցաւ
Ուսուցչական
Ճեմարանը,
որուն
քառամեայ
ուսման
շրջանը
աւարտեց
1880ին
առաջին
կարգի
մրցանակով։
Ճեմարանի
տարիները
բախտորոշ
նշանակութիւն
ունեցան
երիտասարդական
տարիքը
թեւակոխող
Քրիստափորի
համար։
Ռուսական
«Նարոդնայա
Վոլիա»
(Ժողովրդային
Կամք)
յեղափոխական
կազմակերպութեան
վերելքի
ժամանակաշրջանն
էր
եւ
կովկասահայ
երիտասարդութիւնը
մեծ
ոգեւորութեամբ
փարած
էր
անոր
տարածած
ընկերվարական
գաղափարներուն։
Համառուսական
այդ
շարժման
անմիջապէս
միացաւ
նաեւ
Քրիստափոր՝
ռուս
յեղափոխականներու
հետ
սերտ
կապեր
հաստատելով
եւ
հետագայ
տարիներուն
այդ
կապերը
ամրապնդելով։
Ճեմարանը
աւարտելով՝
Քրիստափոր
վերադարձաւ
իր
ծննդավայր
գիւղը
եւ
երկու
տարի
ուսուցչութիւն
ըրաւ։
Ուսուցչական
այդ
տարիները
Քրիստափորի
մէջ
արմատաւորեցին
յեղափոխական
ու
ընկերվարական
խոր
համոզումներու
տէր
գործիչը։
Տեսաւ
ցարական
բռնատիրութեան
գործած
աւերը
ընդհանրապէս
գիւղական
աշխարհին
եւ
յատկապէս
հայ
գիւղացիութեան
մէջ։
Ծառացաւ
այն
անարդարութեանց
եւ
անիրաւութեանց
դէմ,
որոնց
կþենթարկուէր
հայ
ժողովուրդը
ցարական
պաշտօնէութեան
կողմէ
պարզա-
պէս
անոր
համար,
որ
հայ
էր...
Ամառնային
իր
արձակուրդները
Թիֆլիս
անցընելով,
Քրիստափոր
մօտէն
շփում
հաստատեց
հայ
իրականութեան
մէջ
երեւան
եկած
ազգային¬ազատագրական
շարժման
խմորումներուն
հետ՝
յատկապէս
Գրիգոր
Արծրունիի
հրատարակած
«Մշակ»ին
շուրջ
խմբուած
մտաւորականութեան
ծանօթանալով։
Այդ
շրջանին
է,
որ
Քրիստափորի
մէջ
սկսաւ
ձեւաւորուիլ
ազգային
հողի
վրայ
յեղափոխական
շարժում
առաջացնելու
գաղափարը։
Եւ
երբ
1885ին
ցարական
կառավարութիւնը
որոշեց
փակել
400
հայ
դպրոցներ՝
անոնց
20.000
աշակերտութիւնը
եւ
3000
ուսուցիչները
փողոց
ձգելով,
Քրիստափոր
իր
ընկերներով
ձեռնարկեց
ժողովուրդին
մէջ
թռուցիկներ
բաժնելու
եւ
բողոքի
ալիք
բարձրացնելու
շարժումին։
Բայց
դեռ
հասունցած
չէր
հայութիւնը
եւ
Քրիստափոր
չգտաւ
այն
արձագանգը,
որ
1903ին
պիտի
առաջանար
հայոց
եկեղեցապատկան
կալուածներու
բռնագրաւման
դէմ
Դաշնակցութեան
ծաւալած
բողոքի
շարժումին
շուրջ։
1885ի
վերջերուն,
մեծանուն
վիպասան
Րաֆիի
բարեխօսութեամբ
Մոսկուայի
մեծահարուստ
Մելքոն
Գասպարիչ
Փանեանցէն
նիւթական
աջակցութիւն
գտնելով՝
Քրիստափոր
մեկնեցաւ
Մոսկուա,
որպէսզի
բարձրագոյն
ուսման
հետեւի։
Բայց
մէկ
կողմէ
նիւթական
դժուարութիւնները,
իսկ
միւս
կողմէ
հայ
երիտասարդութեան
մօտ
յեղափոխական
տրամադրութեանց
բորբոքումը
մղեցին
Քրիստափորը,
որ
երկու
տարի
ետք,
կիսատ
ձգելով
համալսարանական
ուսումը,
վերադառնայ
Թիֆլիս
եւ
ամբողջապէս
նետուի
յեղափոխական
պայքարի
ասպարէզ։
Արմենական
եւ
Հնչակեան
կուսակցութիւնները
արդէն
կեանքի
կոչուած
էին,
բայց
տակաւին
մեծ
էր
թիւը
այն
խմբակներուն,
որոնք
Կարինէն
մինչեւ
Թիֆլիս
եւ
Մոսկուա
յեղափոխական
բուռն
խմորումներու
մէջ
էին,
բայց
միաւորուած
չէին
եւ
ցիրուցան
վիճակ
մը
կը
պարզէին։
Քրիստափոր
ձեռնարկեց
ե՛ւ
նորաստեղծ
զոյգ
կուսակցութիւնները,
ե՛ւ
անջատաբար
պայքարի
լծուած
խմբակները
իրարու
մօտ
բերելու
եւ
միացնելու
աշխատանքին։
Թէեւ
Հնչակեան
կուսակցութեան
կողմէ
Ռուբէն
Խանազատ
համաձայնութիւն
յայտնեց
դաշնակցութեան
մը
մէջ
բոլոր
յեղափոխականները
ի
մի
բերելու
գաղափարին,
բայց
հնչակեան
կեդրոնը
հետագային
մերժեց
միանալ
եւ
այդպէ՛ս,
1890ի
ամրան,
Քրիստափորի
եւ
Զաւարեանի
ջանքերով,
ծնունդ
առաւ
Հայ
Յեղափոխականների
Դաշնակցութիւնը։
Նորաստեղծ
Դաշնակցութեան
կազմութեան
եւ
գաղափարական
տարբեր
աշխարհայեացքի
տէր
հայ
յեղափոխականներու
միաւորման
գործին
մէջ
առանցքային
եղաւ
Քրիստափորի
անձնական
ներդրումը։
Յատկապէս
իր
նկարագրով՝
Քրիստափոր
յաջողեցաւ
ստեղծել
գաղափարական,
կազմակերպական
եւ
գործնական
այն
ընդհանուր
աւազանը,
ուր
իրարու
կապուեցան
անխտիր
բոլորը՝
երկու
տարի
ետք,
1892ին,
դաշնակցութեան
առաջին
Ընդհանուր
Ժողովին,
պաշտօնապէս
վերածուելու
համար
Հայ
Յեղափոխական
Դաշնակցութեան։
Այնուհետեւ
սկսաւ
նորաստեղծ
կուսակցութիւնը
գաղափարական
եւ
կազմակերպական,
քաղաքական
եւ
մարտական
ինքնահաստատման
հունի
մէջ
մտցնելու
դժուարին
աշխատանքը։
Զաւարեանի
եւ
Ռոստոմի
հետ
գործակցաբար,
Քրիստափոր
ամուր
հիմերու
վրայ
դրաւ
Հ.Յ.Դ.
պաշտօնաթերթ
«Դրօշակ»ը,
որուն
էջերուն
լոյս
տեսան
Դաշնակցութեան
Ծրագիրն
ու
քաղաքական
առաջադրանքները
հիմնաւորող
Քրիստափորի
առաջնորդող
յօդուածները։
Քրիստափոր
նաեւ
հաստատուեցաւ
Ժընեւ՝
«Դրօշակ»ի
կողքին
արտասահմանեան
քարոզչութիւնը
կազմակերպելու,
«Փրօ
Արմենիա»ն
հիմնելու
եւ
Երկրի
մէջ
ծաւալած
կենդանի
պայքարին
ի
սպաս
Եւրոպայի
տարածքին
հայանըպաստ
շարժում
առաջացնելու
համար։
Արդէն
իր
ուղին
գտած
եւ
գործունէութեան
դաշտը
մեծապէս
ընդլայնած
Դաշնակցութեան
առջեւ
նոր
մարտահրաւէրներ
դրուեցան
1890ականներու
վերջերուն։
Յեղափոխական
բուռն
կռիւը
զէնքի
եւ
զինամթերքի
յարաճուն
աղբիւրներու
անհրաժեշտութիւնը
շեշտած
էր,
իսկ
հայ
պահպանողականութիւնը՝
յեղափոխականներու
անյաջողութիւնը
պատրուակ
գործածելով,
ընդհանրապէս
վարկաբեկել
կը
փորձէր
հայոց
ազգային-ազատագրական
պայքարը։
Քրիստափոր
վերադարձաւ
Կովկաս
եւ
ձեռնարկեց
«Փոթորիկ»ին,
որ
հայ
ունեւոր
խաւը
դրաւ
յեղափոխական
գործին
նիւթապէս
զօրավիգ
կանգնելու
պարտաւորութեան
տակ,
ի
հարկին
ծանրագոյն
պատիժի
ենթարկելով
Ժամհարեանի
օրինակով
այն
մեծահարուստները,
որոնք
ցարական
իշխանութեանց
հովանաւորութիւնը
խնդրեցին
ընդդէմ
հայ
յեղափոխականներուն։
Վրայ
հասան
պատմական
տարողութեամբ
մեծակշիռ
զարգացումներ.
հայոց
եկեղեցապատկան
կալուածներու
բռնագրաւման
ցարական
հրամանագիրն
ու
անոր
դէմ
ծաւալած
համաժողովրդական
ըմբոստացումը.
Սասնոյ
երկրորդ
ապստամբութիւնն
ու
համիտեան
նոր
ջարդեր։
Քրիստափոր
իր
տարերքին
մէջ
էր՝
բոլոր
ճակատներուն
վրայ
յեղափոխական
կռուի
վճռականութեան
թափ
տալով,
հայ
ժողովուրդի
ինքնապաշտպանութեան
գործը
ամուր
հիմերու
վրայ
դնելով,
Եւրոպայի
տարածքին
ի
նպաստ
հայութեան
ազդու
շարժում
առաջացնելով։
Ահա
այդ
մթնոլորտին
մէջ,
Քրիստափոր
Հ.Յ.Դ.
Երրորդ
Ընդհանուր
Ժողովին
ներկայացուց
Կարմիր
սուլթանը
ահաբեկելու
ծրագիրը,
ստացաւ
Դաշնակցութեան
Կամքը
ներկայացնող
ժողովին
համաձայնութիւնը
եւ
անձամբ
լծուեցաւ
ծրագրի
գործադրութեան։
Բայց
ճակատագիրը
ուրիշ
եւ
դառնագոյն
վախճան
վերապահած
էր
Հայու
յեղափոխական
յանդգնութեան
անկրկնելի
ռահվիրային։
Վիտոշ
լերան
լանջին,
Պուլկարիոյ
մէջ,
Վռամշապուհ
Քենտիրեանի
հետ
ռումբի
փորձարկման
պահուն,
Մեծ
Յեղափոխականը
իր
ընկերոջ
հետ
զոհ
գնաց
ռումբի
ապաժամ
պայթումին...
Հազիւ
46
տարեկանին
կտրուեցաւ
կեանքի
թելը
Քրիստափորի։
Իր
նահատակութեամբ
եւս
Դաշնակցութեան
հիմնադիրը
պատմական
օրինակ
մարմնաւորեց։
Յեղափոխութեան
ղեկավարը
սեփական
օրինակը
տուաւ
յանուն
գաղափարի
գերագոյն
զոհաբերութեան։
Եւ
որքան
տարիները
կ՛անցնին,
հայ
ժողովուրդի
նորահաս
սերունդներուն
մօտ
աւելիով
կþարմատա-ւորուի
հմայքն
ու
խորհուրդը
Քրիստափոր
Միքայէլեան
անուն
Հայ
Յեղափոխականին,
որ
152
տարի
առաջ
իր
աչքերը
բացաւ
հայոց
բազմաչարչար
հայրենիքին
մէջ,
որպէսզի
իր
անձին
օրինակով,
երկաթեայ
կամքով
եւ
քաղաքական
մտածողութեամբ
վերջնականապէս
փշրէ
դարաւոր
ստրկութեան
շղթաները
եւ
կերտէ
Հայու
արդի
կերպարը՝
Հայաստանի
ազատութեան
համար
յարատեւ
կռուի
պատրաստ
աննկուն
Հայ
Յեղափոխականը։
Անմահն
Քրիստափորի
ծննդեան
տարեդարձին
նուիրուած
յուշատետրի
այս
վկայութիւնը
կ՛արժէ
կեդրոնացնել
«մարդակերտում»ի
իր
առաքելութեան
վրայ։
Քրիստափոր
կրկնակի
առումով
մարդակերտ
առաքեալը
եղաւ
Հայկական
Յեղափոխութեան։
Հայ
Յեղափոխականին
մէջ
թրծեց
մարդոց
առաքինութիւնները
տեսնելու
եւ
անոնց
զարգացման
առջեւ
ասպարէզ
բանալու
մօտեցումը։
Իսկ
Հայ
Յեղափոխականի
ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ
կերպարին
ճամբով՝
հետամուտ
եղաւ
Հայ
Մարդու
հոգեկերտուածքին
յեղաշրջման՝
ստրկացուած
հայուն
սեփական
տկարութիւնները
յաղթահարելու
եւ
լիարժէք
Հայը
կերտելու
առաքելութեան։
Այդ
մեկնակէտով
ալ
հայ
ժողովուրդի
ստրկամտութիւնը
եւ
եսապաշտութիւնը
«Պատմական
չարիք»
որակեց
ու
յորդորեց՝
«Մենք
կարող
ենք,
ի
հարկէ,
նոյն
մեր
անձնապաշտ
արեան
հետեւելով,
անիծել
երկրագնդիս
բոլոր
քաղաքակիրթ
ազգերին
էլ,
որ
այն
ժամանակ,
երբ
մենք
անասնական
թէ
սրիկայական,
վաշխառուական
թէ
ստրկական
ժպիտներով
վերաբերուեցինք
դէպի
օրաւուր
մեր
առաջը
գտնուող
խնդիրները,
նրանք
¬
այդ
ժողովուրդները
-
գլխապատառ,
ոտի
տակ
չտուին
իրենց
բոլոր
շահերը
եւ
հայկական
կռուի
դաշտը
չգրաւեցին...
Այո՛,
կարող
ենք
այդ
էլ
անել,
ուրիշ
շատ
բաներ
էլ
անել,
բայց
երբ
պիտի
քաղաքացիական
համարձակութիւն
ունենանք
մի
փոքր
էլ
մեզ
վրայ
անդրադառնալու
եւ
մեր
բարոյական
պակասութիւններին,
մեր
վատառողջ
բնազդներին,
մեր
ազգային
ախտերին՝
«պատմական
այդ
չարիքին»
եւս՝
որոշ
տեղ
տալու
մեր
կրած
տառապանքների
ու
մեր
ներկայ
ծանր
կացութեան
մէջ...»։
Նոյն
մեկնակէտով
էր,
նաեւ,
որ
իր
քրոջ
զաւկին՝
Հ.Յ.Դ.
հիմնադիր
սերունդի
գործիչ
Յովսէփ
Թադէոսեանին
ուղղուած
նամակի
մը
մէջ,
Քրիստափոր
պատգամեց՝
«Զարմանալի
բնաւորութիւն
ունես
դու.
ո՛ւր
գնում
ես,
մարդկանց
բաժանում
ես
այծերի
եւ
ոչխարների...
Այդպէ՛ս
չի
կարելի։
Մարդիկ
ո՛չ
հրեշտակներ
են
եւ
ոչ
էլ
սատանաներ։
Ամէն
մարդու
մէջ
կան
ե՛ւ
լաւ,
ե՛ւ
վատ
կողմեր։
Պէտք
է
գիտենալ
լաւ
կողմերի
վրայ
յենուել
ու
գործել։
Պէտք
է
աշխատել
մարդկանց
առաքինութիւնները
դրսեւորել
տալ...»։
Հայ
մարդուն
մէջ
առաքինի
յեղափոխականը
թրծող
Մարդակերտը
եղաւ
ու
պիտի
մնայ
անզուգական
Քրիստափորը։
* * * * *
|