Arshavir Shiragian Gomideh

Northern San Fernando Valley Armenian Community Center

17422 Chatsworth St., Granada Hills, CA 91344

 

 

About Us


Our Center


Announcements


Events Calendar


Photo Gallery


Armenian History


Organizations


Recommended Links


Contact


News Archives


 
 Մտքեր
 

 

Սիմոն Զաւարեան
1866 - 28
Հոկտեմբեր 1913

Սիմոն Զաւարեանը ծնած էր 1866թ. լեռնային եւ անտառոտ Լոռիի Այգեհատ գիւղը: Այգեհատ գիւղի բնակիչները գրեթէ ամէնքը ազնուական տոհմերէ սերած էին: Ազնուական էր նաեւ Զաւարեան ընտանիքը: Տարրական կրթութիւնը գիւղը ստանալէ ետք, Սիմոնը, հազիւ 7-8 տարեկան կը տարուի Թիֆլիս, ուր նախապատրաստուելով` կը մտնէ պետական ռէալական դպրոցը եւ յաջողութեամբ կ'աւարտէ:


Ապա կը մեկնի Մոսկու, ուր կը մտնէ նշանաւոր «Բեդրովքա» Գիւղատնտեսկան Ճեմարանը, ուր կ'աւարտէ 1890-ին առաջին կարգի մրցանակով: Անոր կ'առաջարկեն մնալ Ճեմարան, իբրեւ դասախօս, բայց ան չի համաձայնիր եւ կը վերադառնայ Կովկաս:
1881-
ին, Ռուսաստանը կը թեւակոխէր հետաշրջական-բռնակալական մռայլ շրջան մը: Կատաղի պայքար կը սկսի արմատական մտաւորականութեան եւ յատկապէս, «Նարոտնայա Վելիա» մարտական կազմակերպութեան դէմ: Ահա այս շրջանին, աշակերտական, ապա ուսանողական աթոռների վրայ, կը մշակուէր Զաւարեանի միտքն ու հասարակական-բարոյական նկարագիրը:
Թիֆլիսի մէջ արդէն, ան կը մտն է աշակերտական ինքնազարգացման խմբակներու եւ «Նարոտնայա Վոլիա»-ի շրջանակի մէջ` թէ միջազգային եւ թէ, մանաւանդ, հայկական խմբակներու մէջ: Երբ Մոսկու տեղափոխուեցաւ, Զաւարեանը արդէն տոգորուած էր հայկական ազգասիրական գաղափարներով ու զգացումներով: Մոսկու հայ ուսանողութիւնը այդ ժամանակ եռուզեռի մէջ էր: Այնտեղ էին Ռոստոմը, Աւ. Ահարոնեանը Հայր Աբրահամը, Մ. Շաթիրեանը, Տէր-Գրիգորեան եղբայրները, Քրիստափորը եւ ուրիշներ, որոնք տարուած էին հայրենասիրական գաղափարներով եւ անմիջական յարաբերութիւններու մէջ էին Թիֆլիսի մտավորականութեան եւ երիտասարդական խումբերու հետ: Ճեմարանը աւարտելէ ետք, 1890-ի ամառը Զաւարեանը վերադարձաւ Թիֆլիս: Այստեղ արդէն կը նախապատրաստուէր Հ.Յ.Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը:
Զաւարեանը գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ հիմնադիր ժողովներուն մէջ եւ ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջին ղեկավար մարմնի` Կեդրոնական Վարչութեան անդամ: Հիմնադիր ժողովէն ետք, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնի որոշումով, գործիչ ուժերը ցրուեցան զանազան շրջաններ:
Զաւարեանը, Յովսեփ Արղութեանի հետ, անցաւ Տրապիզոն ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնով: Տրապիզոնի մէջ, սակայն, ան երկար չկարողացաւ մնալ. Մի քանի ամիս անցած թուրք կառավարութիւնը ձեռբակալեց Զաւարեանի եւ Արղութեանին, որպես յեղափոխականներ, եւ Զաւարեանին յանձնեց դատարանի: Դատի միջոցին Զաւարեանը յանդուգն պաշտպանողական ճառ մը արտասանեց` խարազանելով Սուլթանի նեխած վարչաձեւը: Հետեւանքը եղաւ չորս տարուայ բերդարգելութեան դատավճիռը:
Քիչ ետք, սակայն, ռուսական դեսպանի միջամտութեամբ, Զաւարեանն ու Արղութեանը փոխադրուեցան Ռուսաստան ու ռուս կառավարութեան կողմէ աքսորուուեցան Պեսարապիա, ուր աքսորուած էր նաեւ Քրիստափորը:

Այստեղ Քրիստափորը, Զաւարեանը եւ Արղութեանը երեքով աշխատեցան Հ.Յ.Դաշնակցութեան ծրագրի նախագիծի պատրաստման վրայ: Աքսորէ վերադառնալէ ետք, 1892-ին, Զաւարեանը մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջին Ընդհանուր Ժողովին եւ Քրիստափոր ու Ռոստոմի հետ մշակեց կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագիրը:
Այնուհետեւ մինչեւ 1902թ., Զաւարեանը մնաց Թիֆլիս, իբրեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ ու կուսակցութեան ղեկավար ուժերէն մէկը: 1902թ-ի գարնանը, երբ Քրիստափորը «Փոթորիկ»-ի գործերով մեկնած էր Ռուսաստան, անոր տեղը Ժընեւ անցաւ Զաւարեանը, իբրեւ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան անդամ` Ակնունիի եւ Վարանդեանի հետ: Եւ մէկ ու կէս տարիէ աւելի վարեց «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը ու կուսակցութեան արտասահմանի գործերը, մինչեւ որ 1903-ի ամռան Քրիստափորը վերադարձաւ Ժընեւ:
Երրորդ Ընդհանուր Ժողովէն ետք, որ գումարուեցաւ 1904թ-ին, Սոֆիա, կուսակցութեան որոշումով, Զաւարեանը անցաւ Կիլիկիա Խանասորայ Վարդանի հետ: Զաւարեանը ինքն ալ երկար չկարողացաւ մնալ Կիլիկիա: Ռուսաստանի յեղափոխական դէպքերը հարկադրեցին զինք վերադառնալ Կովկաս, ուր կրկին նետուեցաւ կուսակցական աշխատանքի մէջ: 1906թ-ին նախագահ ընտրուեցաւ Էջմիածնի Ազգային Կեդրոնական Ժողովին, որու մէջ Դաշնակցութիւնը գլխաւոր բեմախօսն էր:
1908-
ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, երբ Կովկասի մէջ ծայր տուին հալածանքները Դաշնակցութեան դէմ, Զաւարեանը անցաւ Պոլիս, ուր գործեց իբրեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ղեկավար ուժերէն մէկը:
1911
թ. ամառը Զաւարեանը մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Վեցերորդ Ընդհ.Ժողովին, Պոլիս: Ընդհանուր Ժողովէն ետք Զաւարեանը մնաց Պոլիս որպէս Բիւրոյի անդամ, եւ կ'ապրէր Եսայեան Վարժարանի ուսուչական պաշտոնէն ստացած համեստ ռոճիկով` դպրոցէն դուրս իր ամբողջ ժամանակն ու եռանդը նուիրելով կուսակցութեան եւ հասարակական գրոծունէութեան:
Եւ օր մը, 1913թ. Հոկտ. 15/28-ին, բնակարանէն «Ազատամարտ»-ի խմբագրատուն երթալու ժամանակ, Աշխատանքի Տան առջեւ, ինկաւ ուշաթափ` փչելով վերջին շունչը:
Զաւարեանի աճիւնը թաղուեցաւ Խոճիվանքի գերեզմանատան մէջ, Թիֆլիս:

 

* * * * *

 

Copyright © 2012 Arshavir Shiragian Gomideh  All rights reserved.