Arshavir Shiragian Gomideh

Northern San Fernando Valley Armenian Community Center

17422 Chatsworth St., Granada Hills, CA 91344

 

 

About Us


Our Center


Announcements


Events Calendar


Photo Gallery


Armenian History


Organizations


Recommended Links


Contact


News Archives


 
 Մտքեր
 

 

Ստեփան Զօրեան «Ռոստոմ»
1867 – 18 Յունուար 1919

1919ի Յունուար 18էն 19ը լուսցող գիշերը, Թիֆլիսի մէջ, բծաւոր տիֆէ վարակուած եւ անբուժելի թոքատապի մատնուած՝ յոգնատանջ իր աչքերը առյաւէտ փակեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն անզուգական Ռոստոմը։


Աւազանի անունով Ստեփան Զօրեան՝ Ռոստոմ կրտսերագոյնն էր ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան։ Թէեւ ներկայ ալ չէր եղած 1890ի ամրան կայացած ՀՅԴ հիմնադիր ժողովին՝ Մոսկուայի մէջ ուսանողական բողոքի ցոյցերուն իր գործուն մասնակցութեան համար, Ցարական իշխանութեանց կողմէ իր ծննդավայրը աքսորուած ըլլալով, այսուհանդերձ Ռոստոմի շեշտակի դրոշմին կը հանդիպինք ոչ միայն Դաշնակցութեան կազմութիւնը նախապատրաստող խմորումներուն, այլեւ՝ ՀՅԴ պատմութեան առաջին երեսնամեակի գլխաւոր բոլոր էջերուն վրայ։

Դաշնակցութեան աւագ հիմնադրին՝ Քրիստափորի նման, Ռոստոմ եւս հայոց պատմական Գողթն գաւառէն էր. ծնած էր Ցղնա գիւղը 1867ին։ Նահապետական ու բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր եւ, անձնապէս, կեանքէն դառնանալու պատճառներ ունեցած չէր։ Բայց զգայուն հոգի ունէր եւ անսահման պաշտամունքի հասնող մարդասիրութեամբ ու այլասիրութեամբ լեցուած էր։ Անանձնական այդ հոգեկերտուածքը ծայր աստիճան հոգածու դարձուց Ռոստոմին նախ իր շրջապատին եւ, ապա, աւելի լայն ընդգրկումով՝ ամբողջ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած դառն ճակատագրին նկատմամբ. ծանր տարաւ եւ բնաւ չհանդուրժեց հայութեան բաժին հանուած երեւութապէս ընկերային-հասարակական, խորքով ազգային անարդարութիւնները՝ արեւելեան թէ արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, Ցարական թէ Օսմանեան բռնատիրութեանց կողմէ, թրքական թէ ռուսական այլամերժ ազգայնամոլութեան հետեւանքով։

Ուսման անյագ ծարաւ ունէր եւ իր պատանեկան ու երիտասարդական կեանքը անխոնջ վազք մը եղաւ դէպի աղբիւրը լոյսին՝ ծննդավայր գիւղի ծխական դպրոցէն մինչեւ Թիֆլիսի Բէգլարեան մասնաւոր դպրոցն ու պետական ռէալական վարժարանը եւ, այնուհետեւ, Վարշաւայի մերձակայ Նովօ–Աղեքսանդրեան Գիւղատնտեսական ճեմարանէն մինչեւ Մոսկուայի Պետրովսկայա Գիւղատնտեսական ճեմարանը։ Թէեւ բնագիտական եւ ուսողական գիտութիւններու մէջ փայլուն արդիւնքի կը հասնէր, այսուհանդերձ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի անյագ ծարաւը բաւարարելու ոչ մէկ պատեհութիւն կը փախցնէր։ Այդ առումով ալ, մտաւորական իր կազմաւորումով եւ աշխարհայեացքով, Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ամէնէն մարքսիստ դէմքը ըլլալով հանդերձ, Ռոստոմ միաժամանակ եւ անվիճելիօրէն եղաւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր ժառանգութեան ամէնէն աւելի քաջածանօթ եւ հաղորդ ներկայացուցիչը Դաշնակցութեան մէջ։

Աւելի՛ն, ուսանողական շրջանէն սկսեալ, իր մարմնական յաղթանդամ կազմուածքին համար ընկերներուն կողմէ «քոթոթ» անուանուած Ռոստոմը, խաղերու եւ զուարճանքի վրայ ժամանակ կորսնցնելու փոխարէն՝ միշտ հետամուտ եղաւ ինքնազարգացման. ինչպէս Վրացեան կը վկայէ, Ռոստոմ թէեւ շատ կարդացող չէր, բայց իր կարդացածը առաւելագոյնս մարսող ու իւրացնող էր։ Ժամանցն ու զուարճանքը, Ռոստոմի համար, երգն ու ասմունքն էին՝ հայ թէ օտար ժողովրդական երգերէն ու ասքերէն, յատկապէս յեղափոխական շունչով գործերու մեկնաբանութեամբ. կենսագիրները կը վկայեն, օրինակ, որ անգիր գիտէր ու կ՛ասմունքէր ռուսական դիւցազներգութեան դասականներէն «Թարաս Պուլպա»ն։
Ռոստոմի նուիրուած Յուշատետրի այս էջը կ՛արժէ կեդրոնացնել հայ ազգային-ազատագրական շարժման մեծ դարբինին կազմաւորման այս առանձնայատկութեանց վրայ, որովհետեւ անոնց արդիւնքով Ռոստոմ արժանաւորապէս մարմնաւորեց Հայ Յեղափոխականի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ կերպարը։

Պատահական չէր, որ ուսման առընթեր Ռոստոմի երիտասարդական կեանքը յատկանշուեցաւ ուսանողական բողոքի քայլերու եւ ցոյցերու աշխոյժ, այլեւ ղեկավար մասնակցութեամբ՝ բոլոր արդար դատերուն եւ ազատագրումի բոլոր պայքարներուն անձնուէր ու յանձնառու դրօշակիրը դառնալով եւ միշտ առաջնորդուելով այն խոր ու հաստատ համոզումով, թէ հայ ժողովուրդին ազատ ու արդար կեանքը հնարաւոր է, երբ նոյնպէս ազատ ու արդար կ՛ապրին շրջապատի միւս ազգերն ու ժողովուրդները։ Եւ որքան որ ուսանողական շրջանի իր յեղափոխական այս աշխուժութեան համար Ռոստոմ հալածուեցաւ ցարական իշխանութիւններէն (երկու անգամ ձերբակալուեցաւ ու աքսորուեցաւ), այնքան իր մէջ ամրապնդուեցան յեղափոխականի յանդգնութիւնը եւ մարտունակութիւնը (երկու անգամ անցագիր փոխեց, որպէսզի կարենայ շարժումի ազատութիւն ունենալ)։
Իր այս կազմաւորման շնորհիւ, Ռոստոմի մէջ միաժամանակ արմատաւորուեցան՝ Ազգային եւ ընկերային բոլոր արդար դատերուն բոլորանուէր պաշտպանի ու յառաջապահի տիպարը, Յեղափոխական միտք ու հաւատք տարածող մտաւորականը (ուսուցիչ ու խմբագիր), որ դաւադիր յեղափոխականի մարտական գործիչն էր միաժամանակ (զէնքի եւ ռումբի պատրաստութենէն մինչեւ ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան կռուի կազմակերպումը), Ազգային-հասարակական ծառայութեան նուիրեալը, որ որքան զինուելու եւ պաշտպանուելու մղեց մեր ժողովուրդը, նոյնքան հոգածու եղաւ հայութեան ընկերային ու մշակութային կեանքի բարելաւման եւ բազմակողմանի զարգացման նկատմամբ։

Կարելի չէ Ռոստոմի մէջ Հայ Յեղափոխականի ԱՄԲՈՂæԱԿԱՆ մարմնաւորումը լուսարձակի տակ առնող այս խորհրդածութիւնները եզրափակել, առանց յիշեցնելու Ռոստոմին արժանաւոր աշակերտը եղած Սիմոն Վրացեանի հանրածանօթ թեւաւոր վկայութիւնը.
«Եթէ Քրիստափորը եղաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան միտքն ու կամքը, եւ Զաւարեանը՝ նրա սիրտն ու խիղճը, Ռոստոմը ե՛ւ միտք էր, ե՛ւ կամք ու խիղճ՝ Դաշնակցութիւնը ինքը իր բովանդակ էութեամբ»։

 

* * * * *

 

Copyright © 2012 Arshavir Shiragian Gomideh  All rights reserved.